Դեղին, արեւին, ոսկիի գոյնն է։ Դեղինը կազմուի երկու գոյներէ՝ կարմիր եւ կանաչ։

Դեղին
Գունային կոորդինատներ
Hex եռյակ #FFFF00
sRGBB  (rgb) (255, 255, 0)
B: Նորմալիզացված՝ [0–255] (բայթ)
Tour de France-ին առաջատար հեծանիւ վարողները դեղին շապիկ կը հագուին

Դեղինին ալիքները կը սկսին 570-նանոմեթրէ եւ կը վերջանան 580-ով։ Գոյներու սփեքթրին մէջ դեղինը կը գտնուի կանաչին եւ նարնջագոյնին միջեւ:

RGB համակարգին մէջ տասնվեցական նշանակութիւնն է #ffff00[1]:

Դեղինի Նշանակութիւնները

Խմբագրել
  • Նոր-Եորքին մէջ դեղինը թաքսիներու աւանդական գոյնն է
  • Արեւմուտքի մէջ դեղինը կը նշանակէ հարստութիւն, քանի որ ոսկիի եւ արեւին գոյնն է
  • Կը նշանակէ գողութիւն եւ խաբեբայութիւն
  • Գայթակղութեան նուիրուած թերթերը կը կոչուին դեղին մամուլ
  • Սուտ ժպիտը կը կոչուի դեղին ժպիտ
  • Չինացիներուն քով կը նշանակէ կայսրութիւն, ունի յաջողութեան, փառքի եւ ներդաշնակութեան իմաստ
  • Օրհնուած գոյն է դեղինը Հինտոսներու քով։ Հինտոսներու կրօնական մարդիկը կը հագուին դեղին կամ ճերմակ հագուստներ
  • Հին եգիպտացիները օգտագործած են դեղինը՝ որպէս աստուածութեան նշան։

Մեր Շուրջի Դեղինը

Խմբագրել

Մշակոյթի մեջ

Խմբագրել
  • Beatles խումբին ամէնէն յայտնի երգերէն մէկն է «Դեղին Սուզանաւը» (անգլերէն՝ Yellow submarine)
  • Tour de France-ին առաջատար հեծանիւ վարողները դեղին շապիկ կը հագնին
  • Ոտնախաղին մէջ մրցավարը որպէս զգուշացում խաղացողին «դեղին քարտ» ցոյց կուտայ
  • Շինարարութեան մէջ աշխատող մեքենաներու շարժուող մասերը կը ներկուին դեղին գոյնի, յաճախ սեւ շեղ շերտերով՝ աշխատողներուն զգուշացնելու նպատակով
  • Նացիական Գերմանիոյ մէջ (1939-45) հրեաները իրենց կուրծքին կը փակցնէին դեղին գոյնի Դաւիթի աստղի ձեւով նշան[2]
  • Դեղին մամուլ՝ պարզունակ լրագրողական լեզուով, անստոյգ եւ աղմուկ յարուցանող, մակերեսային մեկնաբանութիւններով մամուլ
  • Դեղին էջեր՝ որոշակի աշխարհագրական շրջանի կազմակերպութիւններուն հասցէներու եւ հեռախօսահամարներու տեղեկագիրք
  • Դեղին տենդ՝ սուր տարփոխիկ վիրուսային հիւանդութիւն մը
 
Իտալական Վոլքանոյի քովի հրաբուխի ֆումարոլին դեղինը պայմանաւորուած է անոր մէջ ծծումբի պարունակութեամբ

Անուններ

Խմբագրել
  • Դեղին գետ՝ Աղստեւի ձախակողմեան վտակներէն մին
  • Դեղին սար՝ գագաթ մը Նախիջեւանի տարածքին մէջ, նախկինին հայաբնակ գիւղի մը մօտ
  • Դեղին ծով[3]` չինարէն՝ 黄海 [հուան-հայ], քորէայերէն՝ 황해 [հուանգհէ] Խաղաղական Ովկիանոսին պատկանող ներփակեալ ծով մըն է։

Բնութեան մէջ

Խմբագրել
 
Դեղնափորիկ դրախտապան թռչունը

Բնութեան մէջ ամէնատարածուած գոյներէն է: Ծաղիկներու գոյներու մէջ գերակշիռը դեղինն է՝ արեւածաղիկ, կուժկոտրուկ, հիրիկ եւ այլն: Նոյնը կրնայ ըսուիլ թռչուններու վերաբերեալ: Կենդանիներու (մողէսներ, օձեր, գորտեր), նաեւ՝ սունկերու դեղին գոյնը ցոյց կուտայ անոնց թունաւորութիւնը:

Երկիրներու դրօշակներ

Խմբագրել

Քանի մը երկիրներու դրօշակներու դեղինը կը նշանակէ բարեբեր դաշտերը՝ Ուքրանիա[4], Լիթուանիա[5]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. (հայերեն) Դեղին (գույն), 2024-02-28, https://hy.wikipedia.org/wiki/%D4%B4%D5%A5%D5%B2%D5%AB%D5%B6_(%D5%A3%D5%B8%D6%82%D5%B5%D5%B6), վերցված է 2024-11-08 
  2.  
  3. Յովհաննէս Բարսեղեան (2006)։ «Աշխարհագրական անունների հայերեն տառադարձության մասին որոշում»։ Տերմինաբանական եւ ուղղագրական տեղեկատու։ Երեւան: 9-րդ հրաշալիք։ էջ 51։ ISBN 99941-56-03-9 
  4.  
  5.  
  NODES