Այնթապ

գիւղ Հայաստանի Արարատի մարզին մէջ

Այնթապ, գիւղ Հայաստանի Արարատի մարզին մէջ, մարզի կեդրոնէն՝ 25 ք․մ․ հեռաւորութեան վրայ։ Կը գտնուի Երեւան քաղաքէն հարաւ-արեւելք։ Նախապէս ունեցած է Այնթապ նոր, Պէյպուտապատ, Թազագիւղ, Թազաքենդ, Նորագեղ անուանումները։

Գիւղ
Այնթապ
Երկիր  Հայաստան
Մարզ Արարատի
Տարածութիւն 8,8 քմ²
ԲԾՄ 912,5±43,5 մեթր
Պաշտօնական լեզու հայերէն
Բնակչութիւն 9550 մարդ
Ազգային կազմ Հայեր
Ժամային գօտի UTC+4։00
Անուանուած է Այնթէպ

Պատմութիւն

Խմբագրել

Այնթապ վերանուանուած է 1970 թուականին, ի յիշատակ Կիլիկիոյ Այնթապ քաղաքին։ Նորագիւղ անունով Այնթապը յիշատակուած է 1465 - 1466 թթ.։ 1679 թուականին՝ Երեւանի աւերիչ երկրաշարժի հետեւանքով, գիւղն ամբողջովին աւերուած է եւ ամայացած։ Յետագայ տարիներուն վերակառուցուածէ Խոյ գաւառէն եկած վերաբնակիչներու կողմէ։

Կլիման

Խմբագրել

Գիւղը տեղադրուած է Արարատեան դաշտին՝ ծովի մակարդակէն 865 մ․ բարձրութեան վրայ։ Կլիման չոր, խիստ ցամաքային է։ Ձմեռը կը սկսի Դեկտեմբերի կէսերուն, Յունուարեան միջին ջերմաստիճանը կը տատանուի 30-50։ Ամառը տեւական է՝ Մայիսէն մինչեւ Հոկտեմբեր, օդի միջին ամսական ջերմութիւնը կը հասնի 24-էն 26, իսկ առաւելագոյնը՝ 42։ Յաճախ կ'ըլլային խորշակներ, որոնք զգալի վնաս կը հասցնէին գիւղատնտեսութեան։ «Մթնոլորտային» տարեկան տեղումներու քանակը 250-300 մ․մ․ է։

Բնական լանտշաֆթները կիսանապատներ են, որոնք ոռոգման ընթացքին վերացուած են կուլտուր-ոռոգելի լանտշաֆթի։ Կլիմայական ցանքի (Ագրոկլիմայական) տեսակէտէն, համայնքն ինկած է բացարձակ ոռոգման գօտին։

Բնակչութիւն

Խմբագրել
Տարի 1831 1873 1914 1967 1975 1979 2001 2004 2011
Բնակիչ 866 827 1255 5001 5746 6608 7712 7200 9550

Տնտեսութիւն

Խմբագրել

Բնակչութիւնը կը զբաղի բանջարապոսթանային կուլտուրաներու մշակութեամբ եւ այգեգործութեամբ։ Գիւղն ունեցած է եկեղեցի մը՝ Սուրբ Գրիգոր, որուն կից կը գործէր փոքր վարժարանը (Նորագեղ, Թազագիւղ)։

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  NODES