Ծովի աղ, ծովու ջուրի շոգիացումին հետեւանքով արտադրուած աղ։ Կը գործածուի իբրեւ ուտելիքներու համեմ, խոհարարութեան, արդուզարդի գիտութեան եւ պահածոներու մէջ։ Կ՛անուանուի նաեւ՝ արեւու աղ եւ կամ պարզապէս աղ։ Ծովու աղը կ՛արտադրուի նախապատմական ժամանակաշրջանէն։

Աղակոյտեր, Պոլիվիա

Խառնուրդ

Խմբագրել
 
Աղաւազան․ Սալին տը Ժիռօ, Ֆրանսա

Շուկայի մէջ վաճառուած աղի տեսակները կը տարբերին իրենց բաղադրութեամբ։ Սակայն գլխաւոր բաղադրիչը նատրիոն քլորիդն է։ Շուկայի աղի խառնուրդը կրնայ տարբերի տեսակէ տեսակ, սակայն բնական ծովի աղի ելեկտրաբարձ հիւլէին բաղադրութիւնը ընդհանրապէս կայուն է։

Պատմական ակնարկ

Խմբագրել
 
Ծովի աղաւազաններ, Հնդկաստան
 
Աղի բնական աւազան․ Saline di Margherita di Savoia, Իտալիա

Ծովի աղը յիշատակուած է Պուտական «Վինայա Փիթաքա» արձանագրութեան մէջ (Ք․Ա․ 5-րդ դար)։ Արտադրութեան կերպն է ծովի աղջուրի շոգիացումը։ Տաք եւ չոր կլիմաներուն, շոգիացումը կը կատարուի բնական ձեւով՝ արեգակնային կենսուժով։ Իսկ տարբեր կլիմաներով շրջաններու մէջ կը գործածուին վառելանիւթի աղբիւրներ։ 

Ծովի աղի արդի արտադրումը ամբողջութեամբ կը գտնուի Միջերկրականի աւազանը, ինչպէս նաեւ կարգ մը տաք եւ չոր կլիմայով շրջաններ։ Այսպիսի տեղեր այժմ կը կոչուին աղի աշխատանոցներ եւ փոխարինած են հին՝ աղարան կամ աղահանք անունը։

Հին եւ միջնադարեան աղարան

Խմբագրել
 
Ծովի աղ հաւաքող, Ռեթպա լիճ, Սենեկալ

Հին եւ կամ միջնադարեան աղարան մը կը հիմնուէր հոն ուր՝

  • Աղի շուկան հասանելի էր
  • Բաց ծովէն պահպանուած խորշ էր
  • Աժան եւ դիւրին գործածելի կենսուժի յարմարութիւնը կար, եւ կամ պարզապէս արեւը
  • Ուրիշ առեւտուր մը կար որ աղէն կ՛օգտուէր, ինչպէս օրինակ անասնաբուծութիւն եւ կամ կաշեգործութիւն

Այս ձեւով աղաւազաններն ու արօտավայրերը մէկը միւսին տնտեսապէն նեցուկ կը կանգնին։

 
Հիմալայեան աղ

Կարգ մը խոհաբաններ (gourmet) կը հաւատան թէ ծովի աղը աւելի համով է քան սեղանի աղը։ Ծովի աղը իր համի բազմազանութիւնն ու գոյները կը պարտի տեղական կաւի եւ ջուրի լօռիի, ուրկէ ան կ՛արտադրուի, ինչպէս նաեւ մետաղի պարունակութենէն։ Ինչպէս օրինակ, Քորէա եւ Ֆրանսա՝ վարդագոյն-մոխրագոյն, Հնդկասդանի կարգ կը տեղեր՝ սեւ, Հաուայ՝ սեւ եւ կարմիր, Հիմալայաներ՝ վարդագոյն։ Սակայն, կարգ մը շրջաններու մէջ բնական գոյնին կ՛աւելցնեն քիմիական գոյն, օրինակ՝ Հաուայ․ կ՛աւելցնեն սեւ լաւայի փոշի եւ եփուած կարմիր կաւ։

 
Մեսոլոկիի աղաւազան, Յունաստան

Յունաստան հարուստ է բնական ծովի աղով։ Քիթիրա, Մեսոլոկի, Լեսվոս (Քալոնի) շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ ուրիշ կղզիներու մէջ ծովի աղը կը տրամադրուի բնական արտադրուած ձեւով։ Հարուստ է բնական փոքրաքանակ տարրերով, յատկապէս մակնեզիոմ, կրածին, փոթքսիոմ, պրոմ, ֆոսֆոր եւ ուրիշ։

Առողջապահութիւն

Խմբագրել

Ծովի աղը կենարար է։ Հիփոքրաթիս (Իփոքրաթիս) առաջիններէն էր որ հասկցաւ անոր բուժարար յատկութիւնները։ Կը պարունակէ 92 կարեւոր փոքրաքանակ տարրեր։ Անոր գլխաւոր բաղադրիչները նատրիոն քլորիդը (NaCl) եւ մանիշը (Ionide) անհրաժեշտ են մարդուն առողջութեան համար։

[1] [2] [3][4] [5] [6] [7] [8] [9] [10] [11] [12]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. Վինայա Փիթաքա(անգլերէն)
  NODES