Յուշարձան, (լայն առումով) երկրի, ժողովուրդի մշակութային ժառանգութեան մաս կազմող ստեղծագործութիւն։ Ըստ տիպական առանձնայատկութիւններու, յուշարձանները կը բաժնուին չորս հիմնական խումբի՝ հնագիտական, պատմութեան, ճարտարապետութեան եւ կոթողական արուեստային։ Յուշարձաններ կը համարուին նաեւ պատմաճանաչողական եւ պատմագեղագիտական նշանակութիւն ունեցող գրչութեան նմոյշները։ Նեղ առումով յուշարձանը մարդոց յիշատակը եւ իրադարձութիւնները յաւերժացնող արուեստի ստեղծագործութիւն է (անկախ՝ յուշարձանի անհրաժեշտ յատկանիշը շրջապատող տարածութիւնը գեղարուեստօրէն կազմակերպելն է)։

«Սասունցի Դաւիթ» (Երուանդ Քոչար)

Նախատիպեր

Խմբագրել
 
Վիշապ

Յուշարձաններու նախատիպեր եղած են մեծաքար կառոյցներն ու դամբարանադաշտերը, ինչպէս նաեւ կոթողները, բուրգերը եւ այլն։ Հետագայ դարաշրջաններուն յուշարձաններու դեր կատարած են դամբարանները, տապանաքարերն ու մահարձանները։

Հայաստանում

Խմբագրել

Հնագոյն շրջան

Խմբագրել
 
Խաչքար

Հայաստանի մէջ յուշարձանի նախատիպեր էին մենհիրները, վիշապները, ուրարտական շրջանի կոթողները, արամեատառ արձանագրութիւններով սահմանաքարերը։ 301-ին, քրիստոնէութիւնը ընդունուելէ ետք ալ Հայաստանի մէջ յուշարձանի հետագայ ձեւաւորմանը նպաստած են հին հայկական քարակոթողները։ IV-VII դ. կանգնած են պատկերաքանդակներով ստելաներ (Թալին, Ավան), սիւնակոթողներ (Օշական), ինչպէս նաեւ կամարակապ կառոյցներ (Օձուն

Միջնադար

Խմբագրել

X դարէն յուշարձանի ամենատարածուած տարատեսակը խաչքարն է, որ աչքի զարկած է զարդերու ու ոճերու բազմազանութեամբ։

Նոր շրջան

Խմբագրել
 
«Ստեփան Շահումեան». Սերգէյ Մերկուրով

XIX դարու վերջին - XX դարու սկիզբին ի յայտ եկած են հայ ականաւոր գրողներուն եւ հասարակական գործիչներուն նուիրուած յուշարձաններ (Ռափայէլ Պատկանեանի, 1901, եւ Միքայէլ Նալպանտեանի, 1902, յուշարձանները Նոր Նախիջեւանի Սուրբ Խաչ վանքի բակին մէջ, Խաչատուր Աբովեանի յուշարձանը Երեւանի մէջ, 1913, բացուած է 1933-ին, երեքն ալ՝ պրոնզ, հեղինակ՝ Ա. Տէր-Մարուքեան)։ 1920-30-ական թուականներէն ստեղծուած են ինչպէս առանձին անհատներուն, այնպէս ալ պատմական իրադարձութիւններուն նուիրուած յուշարձաններ (Ստեփան Շահումեանի յուշարձանը Երեւանի մէջ, 1931, կրանիթ, քանդակագործ՝ Սերգէյ Մերկուրով, ճարտարապետ՝ Իվան Ժոլտովսկի: Սասունցի Դաւիթի յուշարձանը Երեւանի մէջ, 1959, կոփածոյ պղինձ, քանդակագործ՝ Երուանդ Քոչար եւ այլն), որոնք ճարտարապետական միջավայրի հետ կը կազմեն գեղագիտական ամբողջութիւն։

1960-70-ական թ. մեծ տարածում գտած է ԽՍՀՄ հայրենական մեծ պատերազմի ընթացքին զոհուածներու յիշատակին նուիրուած յուշարձան-կոթողներու կառուցումը։ Ստեղծուած են նաեւ յուշարձան-համալիրներ (Սարտարապատի ճակատամարտին նուիրուած յուշահամալիրը, 1968, ճարտարապետ՝ Ռաֆայէլ Իսրայելեան, քանդակագործներ՝ Ա. Հարութիւնեան, Ս. Մանասեան, Ա. Շահինեան, Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշահամալիրը Երեւանի մէջ, 1965-67, ճարտարապետներ՝ Ա. Թարխանեան, Ս. Քալաշեան)։

ՀՀ եւ ԼՂՀ

Խմբագրել
 
«Առնո Բաբաջանեան». Դաւիթ Բեջանեան

1980-90-ական թ. Հայաստանի եւ ԼՂՀ քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ հիմնականին կանգնած են զոհուած ազատամարտիկներու, 1988-ի երկրաշարժի զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձաններ (Սպիտակի մէջ՝ երկրաշարժի զոհերու յուշահամալիրը, 1993, կրանիթ, տուֆ, քանդակագործ՝ Բ. Դիլոեան, ճարտարապետ՝ Վ. Գաբրիելեան, Տաւուշի մարզի Կիրանց գիւղին մէջ՝ զոհուած 14 ազատամարտիկներու «Հաւատի ծաղիկ» յուշարձան, 1994, քանդակագործ՝ Ա. Դաւիթեան, ԼՂՀ Մարտունի շրջկեդրոնին մէջ՝ «Աւօ»՝ Մոնթէ Մելքոնեանի յուշարձան, 1994, վարդագոյն մարմար, քանդակագործներ՝ Լ. Թոքմաջեան, Վ. Թոքմաջեան եւ այլն)։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։  
  NODES