Շքանշան, պետական պատուաւոր պարգեւ ծառայութիւններու համար։ Կը պատրաստուի տարբեր նիւթերէ (հիմնականին՝ մետաղներէ կամ համաձուլուածքներէ), խաչի, հնգաթեւ կամ բազմաթեւ աստղի, շրջանակի եւ այլնի ձեւերով։ Շքանշանները կը կրեն ժապաւէնով կամ շղթայով, բարձրագոյն շքանշանները՝ որոշակի գոյնի լայն ուսաժապաւէնով։ Շքանշանը կրնայ ունենալ մէկ կամ քանի մը աստիճան։ Որոշակի աւագութիւն սահմանուած է պետութեան բոլոր շքանշաններու միջեւ։ Շքանշաններու մասին կանոնադրութիւնով կը սահմանուի շքանշանի յանձնման ծիսակատարութիւն կամ հանդիսութիւն։ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ շքանշանի ծագումը կը կապուի կաթոլիկական միջնադարեան կանոններու հետ [այստեղէն ալ՝ օրտէն ( լատինատառ ordo — շարք, կարգ) եզրը եւրոպական լեզուներուն մէջ]։

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշան

18-19-րդ դարերուն շքանշանը կը կիրառուէր գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ։ Առանձին պարագաներու շքանշան ստացողը ձեռք կը բերէր ազնուականի տիտղոս կամ այլ արտօնութիւն։ Ռուսաստանի մէջ առաջին շքանշանները հիմնադրած է Պետրոս Ա.ը։ Հոկտեմբերեան մեծ յեղափոխութենէն ետք ՀԿԳԿ-ի եւ ԺԿԻ-ի հրամանագիրով դասային արտօնութիւններու հետ վերացուեցան ցարական բոլոր շքանշանները։ Խորհրդային առաջին շքանշանը սահմանուած է 1918-ին։ Պատմական Հայաստանի մէջ, ինչպէս ամէնուրէք, ընդունուած եղած է պարգեւատրումը կալուածքներով, թանկարժէք իրերով ու մետաղադրամներով։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 
  NODES