Ովկիանոս (յուն․՝ Ωκεανός, օկեա՛նոս), աղի ջուրի մեծ զանգուած, ջրոլորտին հիմնական բաղադրիչը։

Համաշխարհային Ովկիանոսին քարտէսը։ Կապոյտով նշուած հատուածները Համաշխարհային Ովկիանոսին ջուրերն են: Երկրագունդը պարուրող ջուրին անընդհատ զանգուածը՝ Համաշխարհային Ովկիանոսը, բաժնուած է քանի մը հիմնական տարածքներու։ Հինգ ովկիանոսային բաժանումներն են. Խաղաղական, Քարիպեան, Հնդկական, Սառուցեալ եւ Հարաւային։ Վերջին երկուքը երբեմն կ'ընդգրկուին նախորդ երեքին մէջ։

Երկրագունդին մակերեւոյթին շուրջ 70%-ը (շուրջ 361 միլիոն քմ²) ծածկուած է ովկիանոսով՝ ջրային մեծ զանգուածով մը, որ պայմանականօրէն կը տարաբաժնուի քանի մը հիմնական ովկիանոսներու եւ աւելի փոքր ծովերու։ Այս մակերեսին կէսէն աւելին ունի 3,000 մեթրէն աւելի խորութիւն։ Ովկիանոսին միջին աղը կը կազմէ շուրջ 3,5%, եւ ծովաջուրին գրեթէ ամբողջ աղը կը տարուբերի 3,1% եւ 3,8%-ի միջեւ։ Եթէ Համաշխարհային Ովկիանոսին լուծուած աղին ամբողջ պաշարը նստուածքի ձեւով սփռուէր, ապա ովկիանոսին յատակը կը գոյանար 57 մ հաստութեամբ աղի շերտ մը[1]։

Ալիքներ Ովկիանոսի ափին։
Համաշխարհային Ովկիանոսին քարտէսը։ Կապոյտով նշուած հատուածները Համաշխարհային Ովկիանոսին ջուրերն են:

Ցամաքամասերն ու մեծ կղզեխումբերը Համաշխարհային Ովկիանոսը կը բաժնեն քանի մը մասերու՝ ովկիանոսներու.

Երբեմն անկէ կը տարանջատուի նաեւ այլ ովկիանոս մը՝

Ովկիանոսներուն հատուածները կը կազմեն ծովերը, նեղուցները եւ ծովածոցերը։

Ամպերը Քարիպեան Ովկիանոսին վրայ։
Ովկիանոսը եղանակի եւ կլիմայի ձեւաւորման ուժ։

Արտերկրային ովկիանոսները կրնան բաղկացած ըլլալ քիմիական տարրերու եւ միացութիւններու լայն ցանկէն։ Ըստ կարգ մը փաստերու, արեգակնային համակարգին մէջ, այլ ովկիանոսներ ալ գոյութիւն ունին։ Տեսականօրէն կ'ենթադրկուի, որ իրենց երկրաբանական պատմութեան սկիզբին Հրատն ու Արուսեակը ունեցած են մեծ ովկիանոսներ։ Հրատին ովկիանոսային վարկածը կ'ենթադրէ, որ իր մակերեւոյթին մօտաւորապէս երրորդ մասը շրջան մը ծածկուած էր ջուրով, թէեւ Հրատին ջուրը այնքան ալ ովկիանոսային չէր եւ հնարաւոր է, որ գոլորշիացած ըլլայ։ Կարգ մը միացութիւններ (ջուրով խառնուած), ինչպիսիք են աղերն ու ամոնիաքանուշադրը (NH3) ծանօթ են իբրեւ ջուրի սառելու ջերմաստիճանը նուազեցնողներ, որոնք հնարաւորութիւն կու տան արտերկրային տարածքներուն մէջ մեծ քանակութեամբ ջրային աղբիւրներու գոյութեան, ծովու ջուրի կամ սառոյցի տեսքով։

Հետազօտութիւններու Պատմութիւն

Խմբագրել

Համաշխարհային Ովկիանոսին առաջին հետազօտողները եղած են ծովագնացները։ Շուրջերկրեայ ճամբորդութեան ժամանակաշրջանին ուսումնասիրած են ցամաքամասեր, ովկիանոսներ եւ կղզիներ։ Ֆեռնան Մակելանի (1519-1522), ապա Ճէյմս Կուկի (1768-1780) ղեկավարած արշաւախումբերը եւրոպացիներուն հնարաւորութիւն տուած են պատկերացում մը կազմելու Երկիր մոլորակին ցամաքները շրջապատող ջրային գօտիներու եւ առհասարակ ցամաքամասերու ուրուագիծերուն մասին։ Այդպիսով կազմուած են առաջին քարտէսները։

ԺԷ.- ԺԸ. դարերուն գծագրուած են ծովափնեայ շրջանները, եւ համաշխարհային քարտէսը ստացած է ժամանակակից տեսքը։ ԺԷ. դարու կիսուն հոլանտացի աշխարհագրագէտ Պերնարտ Վարէն առաջարկած է օգտագործել «Համաշխարհային Ովկիանոս» եզրը՝ նկատի ունենալով Երկիրին ջրային մակերեսը։

22 Դեկտեմբեր 1872-ին Պորտսմուտ անգլիական նաւահանգիստէն ճամբայ ելած է «Չելենճըր» (անգլերէն՝ HMS Challenger) առագաստանաւը՝ նախատեսուած առաջին ովկիանոսահետազօտութեան աշրաւախումբին համար։

Համաշխարհային Ովկիանոսին ժամանակակից հասկացութիւնը Ի. դարու սկիզբին կազմած է ռուս-խորհրդային աշխարհագրագէտ, ովկիանոսագէտ եւ քարտէսագէտ Եուլի Շոքալսքին (1856-1940)։ Ան առաջինն է, որ գործածած է «Համաշխարհային Ովկիանոս» եզրը՝ բոլոր ովկիանոսները (Ատլանտեան, Խաղաղական, Հնդկական եւ Հիւսիսային սառուցեալ) վերջինիս մաս համարելով։

Ի. դարու երկրորդ կէսին սկսած է ովկիանոսներու յատակին խոր ուսումնասիրութիւնը։ Ձայնախորաչափի միջոցով յաջողած են աւելի լաւ հասկնալ ովկիանոսներու յատակին ամբողջութիւնը եւ խորութիւնը։

Ովկիանոսներու աշխարհագրութիւն

Խմբագրել

 Ընդհանուր ֆիզիքաաշխարհագրական տուեալներ՝

  • Միջին ջերմաստիճան - 5°C
  • Միջին ճնշումը - 20 ՄՊա
  • Միջին խտութիւն - 1,024 կ/սմ³
  • Միջին խորութիւն - 3730 մ
  • Ընդհանուր զանգուած - 1,4·1021 Քկ
  • Ընդհանուր ծաւալ - 1370 միլիոն քմ³
  • ջրածնային ցուցիչ - 8,1±0,2։

Համաշխարհային Ովկիանոսին յատակին կան հետեւեալ մասերը՝

  • Ցամաքամասին ծանծաղուտը - մինչեւ 200 մ խորութեամբ տարածքներ, ուր լոյսը կը թափանցէ եւ կարելի է նպաստել բոյսերու աճին,
  • Ցամաքամասին լանջը - մինչեւ 2500 մ խորութիւն՝ ծանծաղուտէն մինչեւ ովկիանոսին յատակը իջնող հատուածը,
  • Ովկիանոսին յատակը - ամէնէն ընդարձակ տարածքն է՝ 4-5 հզ մ խորքով։

Ովկիանոսին ամէնէն խոր հատուածները կը կոչուին փողրակներ, անդունդներ կամ իջուածքներ։ Ամէնէն խորունկը Մարիանեան իջուածքն է՝ Խաղաղական ովկիանոսին 1022 մ խորութեամբ։ Այս մէկը կը յայտնաբերուի 1951-ին, բրիտանական «Չելենճըր 2» սուզանաւով, որուն ի պատիւ անդունդին մէկ մասը անուանակոչուած է «Չելենճըրի անդունդ»։ Ատլանտեան Ովկիանոսին մէջ կը գտնուի Փուերթօ Ռիքոյի, իսկ Հնդկական Ովկիանոսին մէջ՝ Ճավայեան անդունդները։

Համաշխարհային Ովկիանոսին Ջուրը

Խմբագրել

Համաշխարհային Ովկիանոսին ջուրը կը կազմէ Երկիր մոլորակին ջրոլորտին մեծ բաժինը։ Անոր մաս կը կազմէ Երկիր մոլորակին ջրային պաշարին 96%-ը (1338 միլիոն քմ³)։

 
Համաշխարհային Ովկիանոսին ջրհաւաք աւազանին քարտէսը

     Հիւսիսային Սառուցեալ Ովկիանոսին ջուրերը     Խաղաղական Ովկիանոսին ջուրերը     Ատլանտեան Ովկիանոսին ջուրերը

     Հնդկական Ովկիանոսին ջուրերը     Միջերկրական ծովուն ջրային աւազանը

     Ներքին ջուրեր

Ֆիզիքական Բնութագրիչներ

Խմբագրել

Ջրոլորտին ընդհանուր զանգուածը 1.400.000.000.000.000.000 թոն է կամ 1,4×1021 քկ, որ կը կազմէ Երկիրին ընդհանուր զանգուածին 0,023 տոկոսը։ Քաղցրահամ ջուրը 3 տոկոսէն ալ քիչ կը կազմէ, մնացեալը աղի ջուրն է, որ կը գտնուի ովկիանոսներու մէջ։ Համաշխարհային ովկիանոսը 361 միլիոն քմ2 մակերեւոյթ ունի,[2] ծաւալը կը կազմէ շուրջ 1,3 մլ քմ3, միջին խորքը՝ 3790 մ, առաւելագոյն խորքը՝ 10923 մ։[2] Համաշխարհային ծովային ջուրերու գրեթէ կէսը 3,000 մ խորք ունին։[3] Ովկիանոսները, որոնց խորքը 200 մ ալ քիչ կը կազմէ, կը ծածկեն Երկիրին մակերեւոյթին շուրջ 66%։[4] Ասոնց մէջ չեն ներառուած այն ծովերը, որոնք կապուած են Համաշխարհային ովկիանոսին հետ, ինչպէս՝ Կասպից ծովը։

Ջուրին կապտաւուն գոյնը քանի մը բաղկացուցիչ նիւթերու արդիւնք է։ Հիմնական բաղկացուցիչներն են լուծուած օրկանական նիւթերը եւ քլորոֆիլը։[5]

Նաւաստիները եւ այլ ծովագնացներ զեկուցած են, որ ովկիանոսը յաճախ տեսանելիօրէն կը լուսարձակէ եւ այդ լուսարձակումը գիշերը մղոններով կը տարածուի։ 2005-ին գիտնականները առաջին անգամ կը յայտարարեն, որ ունին այս լուսարձակման իբրեւ վկայութիւն՝ լուսանկար մը։[6] Անիկա հաւանաբար կը յառաջանայ կենսալուսարձակումէն։[7][8][9]

Ջուրին ֆիզիքական Յատկութիւնը

Խմբագրել

Ովկիանոսին ջուրը դանդաղ կը տաքնայ եւ կը սառի, որ կը մեղմացնէ երկրագունդին կլիման։ Եթէ չոր երկիրներուն մէջ Արեգակներու ճառագայթներու տակ գետինը կը տաքնայ 70-80°C, ապա ովկիանոսի ջուրին մակերեսային շերտը՝ 28-30°C։ Մերձբեւեռային շրջաններու մէջ ջուրը սառ է, բայց աղիութեան պատճառով կը սառի ոչ թէ 0°C-ի պայմաններուն, այլ -1°C - -2°C-ուն։ Այնուամենայնիւ Հիւսիսային սառուցեալ ովկիանոսին վրայ կը գոյանայ 1-3 մ հաստ սառցաշերտ մը։

Արեւէն ստացած ջերմութիւնը ջրային հոսքերու միջոցով անընդհատ կը վերաբաշխուի։ Հասարակածային շրջաններուն տաք ջուրերը կը տեղափոխուին դէպի բեւեռային սառ շրջաններ եւ հակառակը։ Բայց Արեւուն ճառագայթներու անհաւասարաչափ բաշխման պատճառով բեւեռային ջուրերը աւելի պաղ են՝ առանց ջուրին շրջապտոյտը նկատի առնելու։

Հետազօտութիւններ

Խմբագրել
 
Մեծ ստորջրեայ ձեւաւորումներու քարտէս (1995)

Նաւերով ճանապարհորդութիւնները ովկիանոսի վրայով սկսած են նախապատմական ժամանակներուն, իսկ ստորջրեայ ճանապարհորդութիւնները եւ հետազօտութիւնները հնարաւոր դարձած են միայն համեմատաբար վերջերս։

Ովկիանոսին մէջ, ամէնէն խորունկ կէտն է Մարիանեան իջուածքը, որ կը գտնուի Խաղաղական Ովկիանոսին մէջ, Հիւսիսային Մարիանեան կղզիներուն մօտ։ Անոր առաւելագոյն խորութիւնն է 10,971 մ (±11 մեթր)։ Բրիտանական ծովային նաւ Չելենճըր Բ. յայտնաբերած է զայն 1951-ին եւ անոր ամէնէն խորունկ կէտը անուանած է՝ «Չելենճըրի անդունդ»։ 1960-ին երկու մարդոց կողմէ կառավարուող «Trieste» ովկիանոսագրական եւ այլ հետազօտութիւններու սուզանաւը հասած է իջուածքին յատակը։

Ովկիանոսին խորքային մասերուն մեծ մասը չէ հետազօտուած ոչ ալ քարտէսագրուած է։ 10 քիլոմեթրէն մեծ ձեւաւորումներու ընդհանուր պատկերը ստեղծուած է 1995-ին հիմնուելով ովկիանոսի մակերեւոյթին մօտակայքը պատահած ձգողութենական խանգարումներու հիման վրայ։

Կլիման

Խմբագրել
 
Համընդհանուր ջերմային շրջանառութեան քարտէս։ Կապոյտով նշուած են խորքային ջուրերու հոսանքները, իսկ կարմիրով՝ մակերեւութային հոսանքները:

Ովկիանոսային հոսքերը մեծապէս կ'ազդեն Երկիրի կլիմային վրայ արեւադարձային գօտիին մէջի ջերմութիւնը փոխանցելով բեւեռային շրջաններ, եւ զանոնք կը տեղափոխեն ջերմ կամ սառ օդ ունեցող ափամերձ շրջաններ, ուր քամիները կրնան զանոնք հասցնել ցամաքին ներքին մասերը։ Մակերեւութային ջերմութիւնը եւ քաղցրահամ ջուրերու հոսքերը կը ստեղծեն երկրագունդին խտութեան աստիճանահարթութիւն, որ կը կառավարէ ովկիանոսին լայնածաւալ շրջանառութեան ջերմային մասը։ Անիկա կարեւոր դեր ունի բեւեռային շրջաններուն ջերմութեան մատակարարման եւ ծովային սառոյցի կարգաւորման մէջ։ Ջերմային շրջանառութեան փոփոխութիւնները զգալի ազդեցութիւն ունին Երկիրին շողարձակման հաւասարակշռութեան վրայ։ Ջերմային շրջանառութիւնը կը կարգաւորէ այն արագութիւնը, որմով խորքային ջուրերը կը հասնին մակերեւոյթին, որ կրնայ մեծապէս ազդել նաեւ մթնոլորտին ածխաթթուի պարունակութեան վրայ։

Յաճախ կը նշուի, որ ջերմային շրջանառութեան պատճառով է, որ Արեւմտեան Եւրոպայի կլիման չափաւոր է։ Մէկ այլ կարծիք մը կը պնդէ, որ անիկա բոլորովին այդպէս չէ, եւ Եւրոպայի կլիման տաք է, որովհետեւ անիկա կը գտնուի ովկիանոսային աւազանի քամհար ուղղութեան վրայ, եւ մթնոլորտային ալիքները տաք օդ կը բերեն դէպի հիւսիս մերձարեւադարձային շրջաններէն[10][11]։ Արջային շուրջբեւեռային հոսանքը կը շրջապատէ ցամաքամասը, ազդելով տարածաշրջանին կլիմային վրայ եւ կը միացնէ տարբեր ովկիանոսներու հոսանքները։

Ովկիանոսներուն վրայ կը յառաջանան արեւադարձային կիկլոններ (նոյնպէս կ'անուանուին «թայֆուններ» եւ «փոթորիկներ», նայած, թէ անոնք ո՛ւր յառաջացած են)։

Կենսաբանութիւնը

Խմբագրել

Ովկիանոսը էականօրէն կ'ազդէ կենսոլորտին վրայ։ Ովկիանոսային գոլորշիացումը, իբրեւ ջուրի շրջանառութեան փուլ, աղբիւր կը հանդիսանայ անձրեւներու մեծամասնութեան համար։ Ինչպէս նաեւ, ովկիանոսներու ջերմաստիճանը որոշիչ դեր ունի կլիմայի եւ քամիներու ձեւաւորման համար, որոնք ալ իրենց հերթին կ'ազդեն կեանքի վրայ ցամաքին մէջ։ Կեանքը ովկիանոսին մէջ, զարգացած է ցամաքին մէջ, կեանքին յառաջանալէն 3 միլիառ տարի առաջ։ Ովկիանոսին խորքը եւ հեռաւորութիւնը ափէն կ'ազդէ բոյսերու եւ կենդանիներու կենսաբազմազանութեան վրայ տուեալ շրջանին մէջ։

Ովկիանոսային կեանքի ծագման տեսակներէն են՝

Տնտեսական Արժէքը

Խմբագրել

Ովկիանոսները կարեւոր դեր ունին փոխադրումներու համար։ Որովհետեւ աշխարհի ապրանքներուն մեծ մասը կը տեղափոխուի նաւերով։ Ովկիանոսները նոյնպէս կը հանդիսանան ձկնորսական արդիւնաբերութեան հիմնական մատակարարման աղբիւր։ Առաւել զարգացած է ծովախեցգետիններու եւ ձուկերու արդիւնահանումը։[12]։

Հետաքրքրական Փաստեր

Խմբագրել
  • Առաջին կին ովկիանոսագէտը ազգութեամբ հայ, ֆրանսացի բնախոյզ Անիթա Քոնտին (Կարագոշեան) է։
  • «Համաշխարհային ովկիանոս» եզրը ԺԷ. դարուն, առաջարկած է օգտագործել նիտըրլենտացի աշխարհագրագէտ Պերնհարդուս Վարենիուսը։
  • Կարծիք յայտնուած է, թէ Ովկիանոս հատող առաջին հայը եղած է Մարտիրոս Երզնկացին։ Բիսկայեան ծովագնացներու հետ Քարիպեան Ովկիանոսով նաւարկութիւն կատարած է Քրիսթոֆըր Քոլոմպոսի օրինակով «նոր երկիրներ երթալու համար»։[13]
  • Ովկիանոսագրական առաջին արշաւախումբը սկսած է իր աշխատանքը՝ 22 Դեկտեմբեր 1872-ին յատուկ սարքաւորուած «Չելենճըր» սուզանաւով։[14]
  • Ովկիանոսին ամենախոր իջուածքը՝ Մարիանեան իջուածքն է՝ 11022 մ։ 1960-ին, հոն սուզուած են շուետացի Ժաք Փիքարին եւ ԱՄՆ ռազմածովային ուժերու նաւապետ Տոն Ուոլշին «Trieste» սուզանաւով եւ հոն մնացած 12 վայրկեան։ 2012-ին, ստորջրեայ հետազօտութիւններու համար նախատեսուած յատուկ սարքով՝ «Deepsea Challenger»ը սուզուած է հոլիվուտեան հանրայայտ վերակացու Ճեյմս Քամերոնը եւ մօտ երեք ժամ ուսումնասիրած եւ պատկերած է Մարիանեան անդունդին խորքերը։
  • Հնդկական Ովկիանոսը Երկիրին՝ մեծութեամբ 3-րդ ովկիանոսն է, որ կը ծածկէ մոլորակին ջրային մակերեւոյթին շուրջ 20%-ը։
  • Ծովային ջուրերու ոսկիի ամէնէն մեծ պարունակութիւնը գրանցուած է Պալթիք ծովուն մէջ։
  • Ովկիանոսին ընդերքը հրաբխային աշխուժութիւնը բաւական յաճախ հանդիպող երեւոյթ է։ Բազմաթիւ «ցամաքային» հրաբուխներ ժամանակին ջուրին տակ եղած են։
  • Ամէնէն բարձր մակընթացութիւնը կը հասնի մինչեւ 16 մեթրի, իսկ անոնց կարելի է հետեւիլ ԱՄՆ-ի եւ Քանատայի լողափերուն՝ Ֆանտի ծովածոցին։
  • Ամէնէն թափանցիկ ովկիանոսային ջուրերը կը համարուին Անթարքթիքայի ափերուն Ուեթելի ծովուն ջուրերը։
  • Շուրջ 3,5 միլիար մարդու համար ովկիանոսը սնունդի հիմնական աղբիւր է։
  • Ամէնէն բարձր ցունամին եղած է շուրջ 60 մ, երբ ովկիանոսին ընդերքին յաճախ կը գրանցուին 100 մ եւ աւելի բարձրութեամբ ալիքներ։
  • Ներկայիս ովկիանոսի ջուրերուն մէջ կը բնակին Երկիրին վրայ գոյութիւն ունեցող անասուններուն շուրջ 70%-ը[15]։

Արտերկրային Ովկիանոսներ

Խմբագրել

Այս պահուն Երկիրը միակ մոլորակն է եւ միակը Արեգակնային համակարգին մէջ, որ իր մակերեւոյթին վրայ ունի մեծ ու կայուն հեղուկ ջուրի մարմիններ։ Այնուամենայնիւ, կ'ենթադրուի, որ միւս երկնային մարմինները նոյնպէս կրնան ունենալ մեծ ովկիանոսներ։

Մոլորակներ

Խմբագրել

Կազային հսկաներ, Լուսնթագը եւ Երեւակը, ըստ այսօրուան տուեալներու, պինդ մակերեւոյթ մը չունին, եւ անոր փոխարէն ծածկուած են հեղուկ ջրածինի շերտով մը, այնուամենայնիւ անոնց երկրաբանութիւնը մինչեւ վերջ չէ ուսումնասիրուած։ Անոր փոխարէն սառէ Ուրանիոմ հսկաներ, Ուրանը եւ Նեփթունը կրնան պարունակել հսկայական հեղուկ ջուրի ովկիանոսներ մթնոլորտի խորքին մէջ, սակայն այս մոլորակներուն ներքին կառուցուածքը նոյնպէս բաւարար չէ ուսումնասիրուած։

Գիտական հանրութիւնը կը քննարկէ Հրատ մոլորակին հիւսիսային կիսագունդին մէջ, անցեալին ովկիանոսի գոյութեան հնարաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ, թէ ինչ կրնար պատահիլ անոր հետ։ Վերջերս «Մարս Էքսփլորէյշն Ռովեռ» հրատագնացը կը հաստատէ, թէ Հրատին վրայ եղած է երկարաժամկէտ պահպանուած ջրամբար մը, սակայն անկէ աւելի ոչ մէկ հաստատուած տեղեկութիւն կայ։

Աստղագէտերը կ'ենթադրեն, որ մեծ հաւանականութեամբ Արուսեակը հեղուկ ջուր ունեցած է, ինչպէս նաեւ ովկիանոսներ՝ իր պատմութեան վաղ ժամանակաշրջանին։ Եթէ նոյնիսկ անոնք գոյութիւն ունեցած են, հետագային անհետացած են մակերեւոյթի փոփոխութիւններու հետեւանքով։

Բնական Արբանեակներ

Խմբագրել

Գիտնականները կը կասկածին, որ Թիթան եւ Եւրոպա, ու աւելի քիչ հաւանականութեամբ Քալիսթօ, Կանիմետ[16] եւ Թրիթոն[17][18] արբանեակներուն վրայ գոյութիւն ունի հեղուկ ջուրի համընդհանուր շերտ մը։ Կարծիք մը կայ, որ Իոյի վրայ մակմայի ովկիանոս գոյութիւն ունի։ Միւս սառէ արբանեակները նոյնպէս կրնան ընդերքային ովկիանոսներ ունենալ, կամ հնարաւոր է, որ երբեւէ ունեցած են, եւ այժմ անոնք սառած են[16]։

Հեղուկ ջրածնաբնածուխներու հսկայական ծաւալի մարմիններ կան Երեւակին Թիթան արբանեակին վրայ, հակառակ անոր, որ անոնք այնքան մեծ չեն, որ ովկիանոսներ համարուին, սակայն երբեմն զանոնք կ'անուանեն լիճեր կամ ծովեր։ Քասսինի սարքին նախնական տուեալներով, արբանեակին վրայ յայտնաբերուած էին միայն չորցած գետերու հուներ եւ ջրամբարներ, որոնք կը խօսէին այն մասին, որ Թիթանը կորսնցուցած էր իր մակերեւութային հեղուկները։ Սակայն վերջերս կատարուած Քասսինիի մերձեցման ընթացքին, յստակօրէն կը պարզուի, որ Թիթանին վրայ գոյութիւն ունին հեղուկ ջրածնաբնածուխներու ջրամբարներ բեւեռային շրջաններուն մէջ։ Կարծիք կայ, որ Թիթանը ունի ընդերքային ջուրէն կազմուած ովկիանոս մը, որուն վերին շերտը խառնուած է հիտրոքարպոնաթներու հետ։

Գաճաճ Մոլորակներ եւ Թրանսնեփթունային Մարմիններ

Խմբագրել

Ըստ առկայ տուեալներու, Սերեսի ընդերքը, ժայռային միջուկը շրջապատուած է սառոյցէն կազմուած շերտով մը եւ հնարաւոր է, որ իր մակերեւոյթին տակ ունի հեղուկ ջուրի ովկիանոս մը [19][20]։

Մեծ Թրանսնեփթունային Մարմիններու մասին բաւարար տեղեկութիւններ չկան, որպէսզի կարելի ըլլայ ենթադրել անոնց ներքին կառուցուածքին մէջ բաժնող շերտին գոյութիւնը, ուր կրնայ ովկիանոս մը ըլլալ, այնուամենայնիւ Փլութոնի, Էրիսի, Սետնայի եւ Օրքի ռատիօ աշխուժ տրոհման բնորդներ[21] ցոյց կու տան, որ անոնք սառէ կեղեւներու տակ ովկիանոսներ ունին, շուրջ 100-180 քկ հաստութեամբ[16]։

Արեգակնային Համակարգէն Դուրս

Խմբագրել
 
Ենթադրեալ պատկեր, ուր պատկերուած է մեծ արտերկրային արբանեակ մակերեւութային հեղուկ ովկիանոսով

Արեգակնային համակարգէն դուրս գտնուող որոշ մոլորակները եւ բնական արբանեակները կրնան ունենալ ովկիանոսներ, մինչեւ իսկ հնարաւոր է, որ անոնք ըլլան ջրային ովկիանոսներ, ինչպէս՝ Երկրին վրայ։ Անոնք երկրանման մոլորակներ են, որոնք կը գտնուին բնակելի գօտիին մէջ կամ ինչպէս կ'անուանուի «Հեղուկ ջուրի գօտիին մէջ»։ Սակայն անոնց վրայ ովկիանոսներու գոյութեան վերջնական ճշգրտումը չափազանց դժուար է եւ ոչ հաւաստի, նոյնիսկ լուսապատկերային ուսումնասիրութիւններու օգտագործմամբ։

Տեսական ձեւերու կիրառմամբ ենթադրուած է, որ մեծ հաւանականութեամբ GJ 1214 b մոլորակին զանգուածին շուրջ 75%-ը կը կազմէ հազուագիւտ «Սառոյց 7-ն»[22]։

Բոլոր միւս հնարաւոր թեկնածուներուն մասին խօսակցութիւնները հիմնուած են զուտ ենթադրութիւններու վրայ եւ անոնց կառուցուածքին մասին չափազանց քիչ տեղեկութիւններ կան։ Որոշ գիտնականներ կ'ենթադրեն, որ Քեփլըր-22b-ն «ովկիանոսանման» մոլորակ է[23]։ Առաջարկուած է բնորդ մը, ըստ որուն Կլիս 581 d-ն կրնայ մակերեւութային ովկիանոս մը ունենալ։ Կլիզ 436 b-ն կ'ենթադրուի, որ ունի «տաք սառոյցի» ովկիանոս[24] մը։ Արտերկրային արբանեակները, որոնք կը պտտին բնակելի գօտիին մէջ գտնուող կազային հսկաներու շուրջ, նոյնպէս տեսականօրէն կրնան ունենալ մակերեւութային ովկիանոսներ։

Ջուրին Քիմիական Կազմը

Խմբագրել
Նիւթ ‰ ջրից % ընդհանուրին
Քլորայտ 19 .3 55 .0
Նատրոն (սոտիոմ) 10 .8 30 .6
Ծծումբ 2 .7 7 .7
Մակնեզիում 1 .3 3 .7
Կրածին 0 .41 1 .2
Երկբնածխատ 0 .10 0 .4
Ժահնուտ 0 .07 0 .2
Բնածխատ 0 .01 0 .05
Ոսկեբորատ 0 .01 0 .01
Ֆլորայտ 0 .001 < 0 .01
Այլ < 0 .001 < 0 .01

Ջուրին Աղիութիւնը

Խմբագրել

Ովկիանոսին ջուրը աղի է։ Մէկ լիթրը կը պարունակէ 35 կ աղ։ Ովկիանոսին տարբեր մասերուն մէջ ջուրի աղիութեան միջին ցուցանիշը տարբեր է։ Կիսափակ ծովերուն աղիութեան տարբերութիւնը մեծ է։ Օրինակ՝ Պալթիք ծովուն արեւելեան մասին մէջ՝ 3-5 կ/լ, արեւմուտքին՝ 20-25 կ/լ, Սեւ ծովուն՝ 18-22 կ/լ, իսկ Կարմիր ծովուն՝ 40 կ/լ։

Բաժանում

Խմբագրել

Թէեւ ընդունուած է տարանջատել ովկիանոսները, սակայն աղի ջուրին ամբողջութիւնը երկրագունդին վրայ կը կոչեն Համաշխարհային ովկիանոս։[3][25] Ջուրին մասնիկներու անընդհատ ազատ տեղաշարժը ունի հիմնական նշանակութիւն ովկիանոսագիտութեան մէջ։[26]

Ովկիանոսներու բաժանման հիմք կը հանդիսանան ցամաքամասերը, արշիպեղագոս եւ այլ չափանիշներ։ Աւելի մանրամասն տեղեկատուութեան համար տեսնել աղիւսակը.[25][27]

Տեղը Ովկիանոս Նշումներ
1 Խաղաղական Ովկիանոս Կը սկսի Ասիայէն եւ Ովկիանիայէն մինչեւ Ամերիկա[27]
2 Քարիպեան Ովկիանոս կը սկսի Ամերիկայէն մինչեւ Եւրասիա եւ Ափրիկէ
3 Հնդկական Ովկիանոս Կ'ողողէ Հնդկական թերակղզիին ափերը եւ սահմանակից է Ափրիկէին եւ Աւստրալիոյ[27][28][29]
4 Հարաւային Ովկիանոս Յաճախ կը համարուի Խաղաղ, Քարիպեան եւ Հնդկական ովկիանոսներու մէկ մասը,[25][30] որ կը շրջափակէ Անթարքթիքան։
5 Հիւսիսային Սառուցեալ Ովկիանոս Յաճախ կը համարուի ծով, որ կը փակէ Արքթիքան եւ կ'ողողէ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Եւրասիոյ հիւսիսային ափերը։

Խաղաղական եւ Քարիպեան ովկիանոսները հասարակածով կը բաժնուին հիւսիսային եւ հարաւային մասերու։ Աւելի փոքր ջրային տարածքները կը կոչուին ծով, նեղուց, ծոց եւ այլն։

Գօտիներ եւ Խորութիւններ

Խմբագրել
 
Հիմնական ովկիանոսային բաժանումները

Ովկիանոսագէտերը ովկիանոսը կը բաժնեն քանի մը գօտիներու նկատի առնելով ֆիզիքական եւ կենսաբանական պայմանները։

Բաց Ծովը կը ներառէ բոլոր բաց ովկիանոսային տարածքները, եւ կրնայ բաժնուիլ իր հերթին ըստ խորութեան եւ լոյսի թափանցման։

Լուսագիտութեան գօտին ինկած է ովկիանոսին մակերեւոյթէն մինչեւ 200 մեթր խորութիւն։ Այս գօտիին մէջ լուսաբաղարկում կրնայ տեղի ունենալ, հետեւաբար անիկա ունի ամէնէն մեծ կենսաբազմազանութիւնը։

Ափոթիկ գօտիին մէջ, ովկիանոսային մասը կրնայ բաժնուիլ շրջաններու, որոնք ուղղահայեաց իրարու վրայ դասաւորուած են ըստ ջերմաստիճանի։ Անոր ներսի սահմանը կը հանդիսանայ ջերմային թռիչքին շերտը 12°C ջերմաստիճանով, որ արեւադարձային գօտիներուն մէջ, սովորաբար ինկած է 700-1000 մ խորութեան վրայ։ Յաջորդը կենսաբանական խոր ծովային շրջանն է՝ 10-4°C միջակայքին մէջ, խորութիւնը սովորաբար կ'ըլլայ 700-1000 մ։

Ապիսալ դաշտին վարի սահմանը ինկած է 6000 մ խորութեան վրայ։ Վերջին շրջանը կը պարունակէ խոր իջուածքներ։ Ան կը տարածուի 6000-11000 մ միջակայքին մէջ եւ կը հանդիսանայ ովկիանոսին ամէնէն խոր գօտին։

Պելագիկ ափոթիկ գօտիներուն հետ միասին կան նաեւ Պենթիք ափոթիկ գօտիները։ Ատոնք կը համապատախանեն խորքային ծովու երեք ամէնէն խոր գօտիներուն։ Պենթիալ գօտին կը ծածկէ ցամաքային լանջը մինչեւ 4000 մ խորութիւն։ Ապիսալ գօտին կը ծածկէ ապիսալ դաշտերը 4000 - 6000 մեթր միջակայքին։ Ատոնցմէ վար ինկած է հատալ գօտին, որ կը գտնուի ովկիանոսային իջուածքներուն մէջ։

Պելագիկ գօտին նաեւ կրնայ բաժնուիլ ենթաշրջաններու, ներիթիք գօտի եւ ովկիանիկ գօտի։ Ներիթիք գօտին կը ներառէ ջրային զանգուածները, որոնք ինկած են ցամաքային շերտերու վրայ, իսկ ովկիանիկ գօտին կը ներառէ ամբողջ մնացած բաց ջուրերը։ Ի հակադրութիւն, ծովափնեայ գօտին կ'ընդգրկէ մակընթացութեան ցած եւ բարձր սահմաններու միջեւ ինկած շրջանը եւ կը ներկայացնէ ծովային եւ ցամաքային տարածքներու միջեւ անցումային շրջանը։ Անիկա յայտնի է նաեւ իբրեւ միջմակընթացային գօտի։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Գագիկ Արծրունի - «Առաջինը։ Հանրագիտարանային տեղեկատու»։ Երևան, Ան-Ջո ՍՊԸ հրատարակչություն, 2007
  2. 2,0 2,1 «Աշխարհի ովկիանոսները ու ծովերը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2006-02-24-ին։ արտագրուած է՝ 2022-07-04 
  3. 3,0 3,1 "Distribution of land and water on the planet". UN Atlas of the Oceans
  4. «Խոր ծովային ձուկերը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-05-24-ին։ արտագրուած է՝ 2022-07-04 
  5. Paula Գ. Քոբլ,«Ծովային օպտիկական կենսաերկրաքիմիան. Ովկիանոսի գոյնի քիմիական բաղադրութիւնը»
  6. Ռոպըրթ Ռոյ Պրիթ «Ովկիանոսի առեղծուածային լուսարձակումը ապացուցուած է արբանեակային լուսանկարներուն մէջ»
  7. Լուսարձակուած ծով
  8. Ծովուն լուսարձակումը տիեզերքէն
  9. Էմի Քէյսի «Անհաւանական լուսարձակուող ջրիմուռները»
  10. Սիկեր Ռ. (2006)։ «Եւրոպայի փափուկ կլիմային պատճառը»։ Ամերիկան Սայենթիսթ 
  11. Ռէյնս եւ Հակինէն (2003)։ «Արդեօք ջերմութեան տեղաշարժը դէպի հիւսիսային աթլանթիքա կարեւոր չէ՞ Եւրոպայի կլիմայի համար»։ ԱԵՕՀ նորութիւններ։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-07-16-ին։ արտագրուած է՝ 2022-07-04 
  12. «Ազգային ովկիանոսային եւ մթնոլորտային վարչութիւն - Ովկիանոս»։ Noaa.gov։ արտագրուած է՝ 8-11-2012 
  13. «Վ, Յակոբեան, «Մարտիրոս Երզնկացիի ճանապարհորդական նոթերը», ՀՍԽՀ ԳԱ տեղեկագիր №6, 1957»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-09-28-ին։ արտագրուած է՝ 2022-07-04 
  14. Եու. Պոկտանով, Պ. Կապլին, Ս. Նիքոլան, «Ովկիանոսի ծագումն ու զարգացումը», Մոսկուա, 1978 (ռուս.)
  15. «Հետաքրքրական փաստեր ովկիանոսներու մասին (լուսանկարներ)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-17 
  16. 16,0 16,1 16,2 Հասման Հ., Սոլ Ֆրանք, Սփուն Թիլման (Նոյեմբեր 2006)։ «Արտաքին մոլորակներու արբանեակներու եւ մեծ թրանսնեփթունային մարմիններու անդրմակերեւութային ովկիանոսները եւ խորքային կառուցուածքը»։ Իկարուս 185 (1): 258–273։ Bibcode:2006Icar..185..258H։ doi:10.1016/j.icarus.2006.06.005 
  17. ՄակԿինոն Ուիլեամ Բ., Կիրկ Ռենդոլֆ Լ. (2007)։ «Տրիտոն»։ in Լիւսի Էն Ատամս ՄակՖադեն, Լիւսի Էն Ատամս, Փոլ Ռոպըրթ Վեյսման, Տորենս Վ. Ճոնսըն։ Արեգակնային համակարգի հանրագիտարան (2-րդ հրտրկթն․)։ Ամսթերտամ. Պոսթըն: Ակադեմիկ Փրես։ էջեր 483–502։ ISBN 978-0-12-088589-3 
  18. Խավյէ Ռուիս (Դեկտեմբեր 2003)։ «Տրիտոնի հնարաւոր ներքին ովկիանոսի ջերմութեան հոսքը եւ խորութիւնը»։ Իկարուս 166 (2): 436–439։ Bibcode:2003Icar..166..436R։ doi:10.1016/j.icarus.2003.09.009 
  19. ՄակԿորդ Թոմաս Բ. (2005)։ «Սերես. բարեշրջական եւ այժմեան վիճակը»։ երկրաբնագիտական հետազօտութիւններու ամսագիր 110 (E5): E05009։ Bibcode:2005JGRE..11005009M։ doi:10.1029/2004JE002244 
  20. Քասթիլօ-Ռոճես Ճ. Ս.; ՄակԿորդ, Թ. Բ.; եւ Տեւիս, Ա. Գ (2007)։ «Սերես. բարեշրջական եւ այժմեան վիճակը» (PDF)։ Լուսնային եւ մոլորակայնի գիտութիւն։ XXXVIII: 2006–2007։ արտագրուած է՝ 25 Յունիս, 2009 
  21. «Ներքին կառուցուածքը»։ pluto.jhuapl.edu — ՆԱՍԱ-ի New Horizons առաքելութեան կայքը։ Ճոն Հոփքինզի կիրառական բնագիտութեան համալսարան։ 2007։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-05-16-ին։ արտագրուած է՝ 2007-03-29 
  22. Տէյվիտ Ա. Ագուիլար (2009-12-16)։ «Աստղագետները գտել են սուպեր-Երկիր, օգտագործելով սիրողական տեխնոլոգիաներ»։ Աստղաբնագիտութեան Հարվըրտի-Սմիթսոնեան կեդրոն։ արտագրուած է՝ 23 Յունուար, 2010 
  23. Աբել Մենտես Տորես (2011-12-08)։ «Էկզոմոլորակներու մասին նորութիւններ Առաջին Կեպլերու գիտական համաժողովի ժամանակ»։ Փուերթօ Ռիքոյի համալսարանին Բնակելիութեան տարրալուծարան։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-04-02-ին։ արտագրուած է՝ 2022-07-04 
  24. Ֆոքս Մեգի (16 Մայիս 2007)։ «Տաք «սառոյցը» կրնայ ծածկել վերջերս յայտնաբերուած մոլորակը»։ Ռոյտերս։ արտագրուած է՝ 18 Մայիս 2012 
  25. 25,0 25,1 25,2 «Ocean»։ Sciencedaily.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-12-25-ին։ արտագրուած է՝ 8-11-2012 
  26. Spilhaus Athelstan F. (July 1942)։ «Maps of the whole world ocean»։ 32 (3)։ American Geographical Society։ էջեր 431–5 
  27. 27,0 27,1 27,2 «Pacific Ocean - University of Delaware»։ Ceoe.udel.edu։ արտագրուած է՝ 8-11-2012 
  28. «Indian Ocean - Wikipedia, the Free Encyclopedia»։ Wikipedia.org։ արտագրուած է՝ 8-11-2012 
  29. «Indian Ocean -- Britannica Online Encyclopedia»։ Britannica.com։ արտագրուած է՝ 8-11-2012 
  30. «Limits of Oceans and Seas, 3rd edition»։ International Hydrographic Organization։ 1953։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 8 October 2011-ին։ արտագրուած է՝ 7 February 2010 
  NODES
INTERN 1