Պահք
Պահք, պաս, պահոց օրեր, պահեցողութիւն, ծոմ, ծոմապահութիւն, որոշ կրօններու մէջ ուտելիքի կամ յատուկ ճաշատեսակներու համար որոշուած ժամկէտով սահմանուած արգելք, կերակուրներէն լրիւ կամ մասնակի հրաժարում (պահեցողութիւն)։
Պահքին նշանակութիւնը
ԽմբագրելՊահքի արտայայտած միւս իմաստը ինքնաքննութեան եւ խոկումի ժամանակաշրջանն է, յատկապէս՝ Մեծ պահոց շրջանը, երբ հաւատացեալները ո՛չ միայն կերակուրներէն կը հրաժարին, այլեւ՝ հեռու կը մնան մարմնական հաճոյքներէն, ապաշխարութեամբ ու աղօթասացութեամբ չափաւոր, զուսպ կեանք մը կը վարեն։ Պահքը կը հիմնաւորուի «մարմնի հանդէպ հոգւոյ առաջնայնութեան ուսմունքով»։ Քրիստոնէական, Իսլամական եւ մովսիսական կրօններուն մէջ Պահքը հաւատքի ամրապնդման միջոց է, որ ունի նաեւ մաքրագործական եւ ճգնակեցական նշանակութիւն։
Պահքը Քրիստոնէական եկեղեցւոյ մէջ
ԽմբագրելՊահքը քրիստոնէական եկեղեցւոյ կեանքի կարեւոր երեւոյթներէն է։ Շատեր, ինչպէս վկայուած է Աստուածաշունչին մէջ, ինչպէս նաեւ Նոր կտակարան-ին մէջ, երկինքի արքայութեան արժանի դառնալու եւ մեղքերէն թողութիւն ստանալու համար «պահք կը պահեն»։ Ծոմ կը նշանակէ ընդհանրապէս կերակուր չուտել։ Իսկ Պահքի ընթացքին կը թոյլատրուի օգտուիլ բուսական ծագում ունեցող կերակուրներէ, զերծ մնալով ամէն տեսակի մսեղէնէ ու կաթնեղէնէ։
Պահքը Քրիստոսի հասկացողութեամբ արտաքին երեւոյթով լոկ իմանալի եւ պահելիք բան չէ, այլ ներքին, հոգիի հաւատքով ըմբռնելի եւ կատարելի իրողութիւն: Պահեցողութիւնը մարդ արարածը կը վարժեցնէ ժուժկալութեան:
Խիստ պահեցողութիւնը երկաթէ ջիղերու նման կը պահպանէ վարք ու կենցաղի առաքինութիւնները եւ հաւատքի ամրութիւնը, որովհետեւ ան աննուաճելի աշտարակ է թշնամիին դէմ եւ ամուր պարիսպ Սատանային նետերուն դիմաց: |
Պահեցողութիւնը մարդու հոգին զօրացնելով, անոր հոգիին մէջ կը ստեղծէ պարկեշտ ցանկութիւններ եւ աստուածահաճ խորհուրդներ: Պահքը արգիլուած կերակրատեսակներ չուտել չէ միայն, այլ ըստ էութեան, կը խափանէ մեղքը.
Քրիստոնեան պէտք է սուրբ եւ անարատ պահէ պահքը, որովհետեւ անոնք որոնք սրբութեամբ պահք բռնեցին արդարացան, իսկ անոնք որոնք չպահեցին կորսուեցան: |
Պահեցողութեամբ որոշ կերակրատեսակներէն հեռու մնալու աւանդութիւնը եւս աստուածաշնչական հիմք ունի.
Այդ օրերուն ես Դանիէլս, երեք շաբաթ սուգի մէջ էի: Լաւ հաց չկերայ, միս եւ գինի չմտաւ բերանս, իւղով չօծուեցայ, մինչեւ որ վերջացան երեք շաբաթները: |
Պահքի հիմնական նպատակը , ժուժկալութեամբ աստուածահաճոյ կեանք ապրիլն է, որպէսզի այդ ձեւով հնարաւոր ըլլայ հոգին զօրացնել, Հաւատքը ամրապնդել եւ դէպի երկինքի Արքայութիւն երթը աւելի հաստատուն դարձնել.
Պահեցողութիւնը կը մաքրէ հոգին, կը բարձրացնէ միտքը, չափի ու հակակշիռի ներքեւ կը պահէ կիրքերը, կը սղոցէ ցանկութեան ամպերը, կը մարէ սեռային կրակը, կ’արծարծէ ժուժկալութիւնը եւ կը վառէ ճշմարտութեան լոյսը: |
Պահեցողութիւնը իր իրական հասկացողութեամբ ամբողջական դարձ է առ Աստուած, այսինքն կը նշանակէ հրաժարիլ ամէն տեսակի գայթակղեցուցիչ եւ հոգին աղարտող սովորութիւններէն եւ հետամտիլ բարեգործութեան, բարիք գործելուն:
Պահքը ըստ Հայ եկեղեցւոյ սահմանած կարգին
ԽմբագրելԸստ Հայ եկեղեցւոյ սահմանած կարգին, տարուան շուրջ վեց ամիսները պահոց օրեր են։ Հայ եկեղեցին տարուան օրերը բաժնած է երկու մասի՝ տօնական եւ պահոց օրերու։ Եկեղեցական կանոններու համաձայն, իւրաքանչիւր շաբթուան Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը Պահք են։ Պահոց օրերը կ'ըլլան բուն պահոց օրեր, երբ պէտք է հրաժարիլ կենդանական ծագում ունեցող կերակուրներու (մսեղէն, կաթնեղէն, ձկնեղէն) օգտագործումէն եւ նաւակատեաց պահոց օրեր, երբ կարելի է ուտել կաթնեղէն եւ ձկնեղէն։ Նաւակատիքի օրեր են հինգ Տաղաւարներու շաբաթապահոց Շաբաթ օրերը։
Պահոց օրեր
ԽմբագրելՊահոց օրերը բաժնուած են երեք խումբերու՝ Օրական Պահք, Քառասնօրեայ Պահք (Մեծ Պահք) եւ Շաբաթական Պահք (Շաբաթապահք)։
ա. Օրական Պահք, իւրաքանչիւր շաբթուան Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերու Պահքն է, որ Հայ եկեղեցւոյ Տօնացոյցին համաձայն, կը վերաբերի տարուան գրեթէ բոլոր շաբաթներուն, բացառութեամբ՝ Ս. Ծննդեան շաբթուան (6-13 Յունուար) Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերու եւ Ս. Զատիկէն մինչեւ Համբարձում ինկած շաբաթներու Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերու, որոնք պահոց օրեր չեն։ Քառասնօրեայ Պահք, կը կոչուի նաեւ Մեծ Պահքի (Բուն Բարեկենդանի Երկուշաբթիէն մինչեւ Աւագ ուրբաթ)։
բ. Քառասուն օրը կապուած է անապատ քաշուած Քրիստոսի քառասնօրեայ ծոմապահութեան, աղօթքի եւ ապաշխարութեան շրջանին, ինչպէս նաեւ Ս. Գիրքին մէջ յաճախ յիշուող 40 խորհրդանշական թիւին հետ։ Իրականութեան մէջ Քառասնօրեայ Պահքը 47 օր կը տեւէ, իսկ 48-րդ օրը՝ Ճրագալոյց, Ս. Զատկուան նաւակատիքն է։ Քառասնօրեայ Պահք օրերը կը կոչուին «Աղեւացքի օրեր», այսինքն՝ Մեծ Պահքը աղով ու հացով անցընելու ժամանակաշրջան։ Ժամանակին աղ ու հացով կ'ապրէին ճգնաւորներն ու անապատականները։ Ներկայիս աղուհացի օրը պահոց այն օրն է, երբ պէտք է Պահքի կերակուրներ ուտել։ Մեծ Պահքի շրջանին կը փակուի եկեղեցւոյ խորանին վարագոյրը, եւ Ս.Պսակի խորհուրդ չի կատարուիր։
գ. Հիմնականին մէջ հինգ օրուան Երկուշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ ինկած Պահքի Հայ եկեղեցւոյ շաբաթապահքերու կարգադրութիւնը կը վերագրուի Ներսէս Բ. Բագրեւանդցի կաթողիկոսին (548–557):
դ. Շաբաթական Պահքերը թիւով տասներկուք են՝ Ս.Ծննդեան, Եղիական, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի, Վարդավառի, Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի, Խաչվերացի, Վարագայ Խաչի, Յիսնակաց, Ս. Յակոբի, Առաջաւորաց, Մեծ պահոց երկրորդ շաբթուան, Աւագ շաբաթ։ Շաբաթապահքերը բաժնուած են երեք խումբերու։
Հինգ Տաղաւարներ
ԽմբագրելՀինգ Տաղաւարներու կամ Տէրունական օրերու շաբաթապահքեր՝ Ծննդեան, Յարութեան, Վարդավառի, Աստուածածնի եւ Ս. Խաչի։
ա. Ս. Ծննդեան Պահք, Քրիստոսի ծննդեան շաբթուան եօթնօրեակն է, կը տեւէ վեց օր։ Այդ ընթացքին ոչ մէկ տօն չկայ, վեց օրերը պահոց օրեր են եւ ոչ ուտիքի։ Ի հակադրութիւն նախածննդեան շաբաթապահքի, յետծննդեան առաջին շաբաթը՝ 6-13 Յունուար պահոց օրեր չեն։
բ. Ս. Յարութեան Պահք, կը կոչուի նաեւ Աւագ շաբթուան Պահքը, որովհետեւ կը վերաբերի Զատկուան նախորդող վեց օրերուն։ Աւագ Երկուշաբթիէն Աւագ Շաբաթ օրը Յարութեան շաբաթապահքի օրերն են։ Մեր մեծերը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէին Աւագ շաբթուան բոլոր օրերուն: Այս Պահքը անբաժան մասն է Քառասնօրեայ կամ Մեծ Պահքին։ Այս ընթացքին չկայ ոչ մէկ տօն, հետեւաբար վեց օրերն ալ պահոց օրեր են[1]։
գ. Ս. Վարդավառի Պահք, Այլակերպութեան այս շաբաթապահքը կը տեւէ հինգ օր։ Պահքին վերջին շաբաթ օրը նաւակատիք է, այսինքն` այդ օրը կ'արտօնուի ձկնեղէն եւ կաթնեղէն օգտագործել:
դ. Ս. Աստուածածնի կամ Վերափոխման Պահք, նոյնպէս կը տեւէ հինգ օր։
ե. Ս. Խաչի Պահք, Խաչվերացի շաբաթապահքը կը տեւէ հինգ օր։
Տարուան չորս եղանակներու շաբաթապահքեր
ԽմբագրելԱնոնք Մեծ պահոց երկրորդ շաբթուան, Եղիական, Վարագայ Ս.Խաչի, Ս. Յակոբի Պահքերն են։
ա. Մեծ Պահոց, երկրորդ շաբթուան Պահք, այս շաբաթապահքը Մարտ ամսուան կը զուգադիպի եւ կը կոչուի նաեւ Գարնանամուտի Պահք։ կը Պատկանի Մեծ պահոց շարքին։ Առանձնացուած է եղանակային պատճառներով, կը տեւէ հինգ օր եւ տօն չունի։ բ. Եղիական Պահք, ամառնամուտին կը զուգադիպի (Յունիս), կը կոչուի նաեւ Ամրան Պահք, իսկ ժողովրդական լեզուով նաեւ «Թրթուռի պաս»։ Զատիկէն ետք առաջին շաբաթապահքն է։ Եղանակային Պահք ըլլալով կապ չունի Եղիա մարգարէին հետ, սակայն Եղիական կը կոչուի, որովհետեւ շաբաթապահքի վերջին օրը յիշատակն է Եղիա մարգարէին։ Կը տեւէ հինգ օր եւ տօն չունի։
Այլ շաբաթապահքեր
ԽմբագրելԱյլ շաբաթապահքեր են՝ Առաջաւորաց, Յիսնակաց եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Պահքերը։
Ա. Առաջաւորաց Պահք, կը կոչուի նաեւ Առաջաւորք, կը նշանակէ առաջինը։ Անիկա կը տեւէ հինգ օր, ունի սրբական տօներ։ Շաբաթավերջը՝ Ս. Սարգիս զօրավարի տօն եւ կը կոչուի (ժողովրդական) Ս. Սարգիսի Պահք։ Այս պահքը սահմանած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Խոր Վիրապէն ելլելէն ետք: Ինչպէս կը վկայեն եկեղեցական հայրեր՝ Պօղոս Տարօնացին, Ս. Ներսէս Շնորհալին, Մխիթար Գոշը եւ ուրիշներ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Տրդատ թագաւորը մկրտելէ առաջ, 65 օր գիշեր-ցերեկ շարունակ կը քարոզէ, կը խրատէ, կը սորվեցնէ, կը գօտեպնդէ` իմաստուն բժիշկի պէս ջանալով գտնել օգտակար դեղը, աղօթքով հայ ժողովուրդը կը պատրաստէ Աւետարանի վեհ պատգամներուն հետեւելու, ապա կը սահմանէ հնգօրեայ ծոմապահութիւն՝ ի յիշատակ Հայաստանի լուսաւորութեան: Թագաւորներն ու նախարարները, հինգ օր ծոմ պահելով, կը փրկուին զիրենք տանջող ցաւերէն ու հիւանդութիւններէն:Հայ եկեղեցւոյ վարդապետներուն համաձայն՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ անիկա կը հաստատէ ի յիշատակ վերոյիշեալ փրկչական ծոմապահութեան եւ կը պատուիրէ, որ ամէն տարի շարունակեն նոյնութեամբ: Եւ որովհետեւ այս պահքը առաջինը կ'ըլլայ Հայաստանի մէջ, կը կոչուի «Առաջաւորաց պահք» կամ «Առաջաւորք» եւ կը համարուի հայոց առաջին ազգային պահքը: Այս պահքի հինգերորդ՝ ուրբաթ օրը, պահոց օր ըլլալով հանդերձ, Յովնան մարգարէին յիշատակութեան օրն է՝ իբրեւ ապաշխարութեան եւ ծոմապահութեան օրինակ: Իսկ յաջորդ շաբաթ օրը, կը տօնուի Ս.Սարգիս զորավարին եւ անոր որդիին Մարտիրոսին եւ 14 զինուորներուն տօնը: Առաջաւորաց պահքին նախորդող կիրակի օրը բարեկենդան է:
Ի տարբերութիւն միւս պահքերուն՝ Առաջաւորաց պահքի ընթացքին եկեղեցւոյ մէջ Ս.Գիրք կամ Աւետարան չի կարդացուիր եւ Ս. Պատարագ չի մատուցուիր, որովհետեւ այս պահքի մէջ խորհրդաբար Ադամին անկումը կը յիշատակուի: Ադամին եւ նահապետներուն ժամանակ «Գիրք եւ Մարգարէք» գոյություն չունէին: Եւ քանի որ այս պահքը կը նշանակուի նահապետներու կողմէ, որոնք Գիրքերէն, Օրէնքէն եւ Աւետարանէն առաջ կային, ուստի այս պահքը կը պահուի առանց ընթերցումներու եւ Պատարագներու: Իսկ ուրբաթ օրը կը կարդացուի Յովնանի մարգարէութիւնը՝ Նինուէի ազատութեան համար:
Առաջաւորաց պահքը ունի նաեւ իր նուիրական կերակուրը՝ փոխինդը կամ փոխինձը, որմով կը լուծուի պահքը:[2]
Ըստ հայ մատենագիրներու վկայութեան՝ Առաջաւորաց պահքը ժամանակին գոյութիւն ունեցած է նաեւ յոյներուն եւ լատիններուն մօտ:
Բ. Յիսնակաց Պահք, Յիսնակ կը նշանակէ յիսուն օրերու ժամանակաշրջան։ Հինէն յիսնակաց պահեցողութիւնը սկսած է Քրիստոսի ծնունդէն յիսուն օր առաջ եւ պահուած մինչեւ Աստուածայայտնութեան տօնը։ Ներկայիս յիսնակաց Պահքը կը պահուի միայն հինգ օր։ Յիսնակը յիսուն օրերու ժամանակաշրջան մըն է, որ կը կանխէ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծնունդը: Աստուածորդւոյն Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը կանխող յիսուն օրերու այս շրջանը, Հայ Տօնացոյցը որպէս յիսնակ արձանագրած է: Անցեալին Յիսնակին շրջանը Մեծ Պահոց նման յիսուն օրերու պահեցողութեան շրջան մըն էր ի պատրաստութիւն սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն: Իսկ ներկայիս մինչեւ Ս. Ծնունդ պահեցողութեան օրեր սահմանուած են Չորեքշաբթին եւ Ուրբաթը եւ երեք շաբաթապահքերը: Յիսնակին առաջին շաբաթը «Յիսնակի պահք» անունով կը կոչուի: Երկրորդ շաբաթը՝ ձմեռնամուտի շաբաթապահքն է, որ հաւատացեալներուն կողմէ անուանակոչուած է Ս. Յակոբի շաբաթապահք: Իսկ երրորդ շաբաթը՝ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը կանխող օրերն են:[3]
Գ. Գրիգոր Լուսաւորիչի Պահք, այդպէս կը կոչուի, որովհետեւ նուիրուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի նշխարներու գիւտին։ Կը տեւէ հինգ օր եւ իր մեջ կը պարունակէ սրբական այլ տօներ։
Կան նաեւ այլ տարբեր առիթներով պահուող Պահքեր։ Այսպէս, եկեղեցականները իրենց ձեռնադրութենէն ետք 40 օր պէտք է Պահք պահեն, ոմանք Պահք կը պահեն նաեւ հաղորդութենէն առաջ եւ այլն։
Տե՛ս նաեւ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Մեծ Պահքի Առաջին Օրերու Խորհուրդը»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2013-02-14
- ↑ «Առաջավորաց պահք. հայոց առաջին ազգային պահքը | Arajavorac Pahq Hayoc Arajin Azgayin Pahqy»։ www.surbzoravor.am։ արտագրուած է՝ 2018-02-11
- ↑ p.robert։ «Յիսնակաց Շրջան եւ Ս. Ծնունդ»։ www.bzommarvank.com (hy-am)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-08-16-ին։ արտագրուած է՝ 2018-02-11
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Յովհաննէս Մանդակունի, «ճառեր», Անթիլիաս 1996 էջ 207:
- Յովհաննէս Երզնկացի,«Խրատ բոլոր քրիստոնեաներուն»,Անթիլիաս, 1984: