Սեւ խոռոչը, ըստ յարաբերականութեան ընդհանուր տեսութեան, տիեզերքի տեղամաս մըն է, որուն քաշողականութեան դաշտը այնքան հզօր է, որ ոչինչ, ոչ իսկ լոյսը, կրնայ դուրս ելլել անկէ։ Սեւ խոռոչը կ՚առաջանայ մեծ զանգուած ունեցող աստղերու կեանքի աւարտին։ Այդ տեղամասի սահմանը կը կոչենք իրադարձութիւններու հորիզոն, իսկ անոր բնորոշ չափերը ձգողականութեան շառաւիղ։ Ամէնապարզ պարագային՝ գնդային համաչափութիւն ունեցող սեւ խոռոչներու ձգողականութեան շառաւիղը հաւասար է Շվարցշլիտի շառաւիղին (schwarzschild radius)։ Տեսականօրէն, այդպիսի տեղամասերու հնարաւոր առկայութիւնը ենթակայ է Այնշթայնի հաւասարումներու որոշակի ճշգրիտ լուծումներուն։ Այդպիսի լուծումներ առաջին անգամ ստացած է Կարլ Շվարցշիլտը, 1915 թուականին[1]։

Սեւ խոռոչ

Հեռացման արագութիւնը այն արագութիւնն է, որմով մարմին մը կրնայ հեռանալ որեւէ այլ մարմնի ձգողութենէն։ Օրինակ՝ արհեստական արբանեակը Երկրէն հեռանալու համար պէտք է ունենայ 11,2կմ/երկվրկ. արագութիւն, իսկ սեւ խոռոչի ձգողութիւնը այնքան մեծ է, որ անկէ հեռանալու համար մարմին մը պէտք է ունենայ լոյսէն աւելի մեծ արագութիւն, որ անհնար է, քանի որ տիեզերքի ամէնամեծ արագութիւնը նոյնինքն լոյսինն է։

1905 թուականին Այնշթայնը իր յարաբերականութեան տեսութեան մէջ փաստեց, որ լոյսէն արագ մարմին մը գոյութիւն չի կրնար ունենալ (բացարձակ արագութիւն, 299,792,458 մ/երկվրկ.)։ Այդ պատճառով ալ սեւ խոռոչները սեւ են։ Անոնք նոյնիսկ չեն թոյլատրեր, որ լոյսի մասնիկները իրենցմէ հեռանան։

Սեւ խոռոչ կրնայ ըլլալ ամէն ինչ, այնքան ատեն որ մարմինը ունի չափ եւ զանգուած։ Օրինակ՝ Երկիր մոլորակն ալ կրնայ սեւ խոռոչ դառնալ, եթէ անիկա փոքրանայ մինչեւ պիստակի մը չափ։ Կամ Էվէրեսթ լեռը՝ եթէ փոքրանայ մէկ նանոմեթրի չափ[2]։

Սեւ խոռոչի առաջացումը

Խմբագրել

Աստղերը ունին կեանքի տեւողութիւն։ Երբ աստղին միջուկը այլեւս զօրութիւն (Energy) չ՚արտադրեր, աստղը կը սկսի մահանալ եւ կը վերածուի կարմիր հսկայի եւ յետոյ կը պայթի։ Միջուկը իր մեծ ձգողական ուժին շնորհիւ կը սկսի մեծ արագութեամբ պտտիլ, իր ներսը քաշելով ամէն ինչ, այսպիսով ձեւաւորելով սեւ խոռոչ մը։ Ըստ Այնշթայնի, գոյութիւն ունի քառաչափ տարածութիւն (մեր եռաչափը եւ ժամանակը), որոնք սեւ խոռոչին ներսը ուղղակի կանգ կ՚առնեն, եւ սեւ խոռոչի ամէնավերջը կը ձեւաւորուի առանձնայատուկ (singular) վիճակ, որ այն տեղն է, ուր ամբողջ զանգուածը սեղմուած է մինչեւ զերոյական չափ։

 
Համաստեղութիւն մը եւ սեւ խոռոչ մը իրար կը հանդիպին

Բոլոր համաստեղութիւններուն մէջ, Ծիր Կաթին համաստեղութեան կեդրոնն ալ սեւ խոռոչ գոյութիւն ունի։ Ծիր Կաթինի կեդրոնը կը գտնուի հսկայական չափի հասնող սեւ խոռոչ մը, որուն զանգուածը թէեւ 3-4 միլիոն անգամ աւելի է մեր արեգակնային համակարգի Արեւէն, բայց չափերով տասն անգամ փոքր է։

Սեւ խոռոչները գիտաերեւակայական գիրքերու հեղինակներուն մեծ նիւթ կը մատակարարեն։

Սեւ խոռոչը կ՚առաջանայ աստղի մը կեանքի վերջաւորութեան, երբ անոր միջուկային վառելանիւթի պաշարը սպառի եւ սեփական ձգողութեան ուժի ազդեցութեամբ աստղը սկսի սեղմուիլ։ Միաժամանակ, սեղմումին զուգընթաց, աստղին մակերեւոյթին վրայ ձգողութեան ուժը այնքան կը մեծնայ, որ նոյնիսկ լոյսը այլեւս չի կրնար արձակուիլ աստղէն եւ աստղը կը վերածուի անտեսանելի «դատարկութեան» մը մէջ։ Սեւ խոռոչի վերածուելու ենթակայ են հսկայ աստղերը միայն, մեր Արեւէն քանի մը անգամ աւելի զանգուածով։ Մօտաւորապէս իւրաքանչիւր 1000 աստղէն միայն մէկուն զանգուածը բաւական մեծ է, որպէսզի ան կարենայ սեւ խոռոչի վերածուիլ իր կեանքին վերջը։ Սեւ խոռոչները անմիջական դիտարկումով անհնար է յայտնաբերել, քանի որ անոնք տեսանելի չեն։

 
Սեւ խոռոչէն ցոլացող ճառագայթները

Փոքր զանգուածով աստղ մը չի կրնար սեւ խոռոչ ըլլալու չափ սեղմուիլ, որովհետեւ ձգողութեան ուժը համեմատական է իր զանգուածին հետ։ Հաշուարկները ցոյց կու տան, որ Արեւի զանգուածը 10 անգամ գերազանցող սեւ խոռոչի մը տրամագիծը կրնայ ըլլալ 60 քմ։ Եթէ Արեւը դառնար սեւ խոռոչ մը, անոր տրամագիծը պիտի կազմէր միայն 6 քմ, իսկ Երկրի զանգուածին հաւասար զանգուածով սեւ խոռոչ մը կ՚ունենայ 2 սմ-էն ալ փոքր տրամագիծ։

Որոշ համաստեղութիւններու կեդրոններուն մէջ հաւանաբար կան գերխոշոր զանգուածներով սեւ խոռոչներ, լուսաւոր գօտիով շրջապատուած, որ կը կոչուին «քուազարներ» (Quasars)։ Անոնց շատ պայծառ կեդրոնները կը լուսարձակեն, որովհետեւ սեւ խոռոչները կը «խժռեն» շրջակայ առանձին գոյացութիւնները եւ այդ ընթացքին այդ գոյացութիւններու նիւթը կը շիկանայ անջատելով վիթխարի քանակութեամբ զօրութիւն՝ լոյսի եւ այլ ճառագայթումներու ձեւերով։ Կ՚ենթադրուի, թէ մեր համաստեղութեան կեդրոնը նոյնպէս կայ սեւ խոռոչ մը, որ կը կոչուի «Աղեղնաւոր-Ա»։ Այն ունի Արեւէն 2.600.000 անգամ մեծ զանգուած եւ կը գտնուի մեր Արեգակնային համակարգէն 26.000 լոյս տարի հեռաւորութեան վրայ։ Յայտնաբերուած է արտասովոր դէպքի մը պատճառով։ Ինչպէս արդէն նշուեցաւ, սեւ խոռոչներու շուրջի տարածութիւնը շատ արտասովոր ձեւով «ինքզինք կը դրսեւորէ»։ Համաստեղութիւններու կեդրոնը կային աստղեր, որոնք քանի մը անգամ մեծ էին Արեւէն, սակայն համաստեղութեան կեդրոնին շուրջ կը դառնային շատ մեծ արագութեամբ՝ մօտաւորապէս 3000 Քմ/երկվրկ. արագութեամբ։ Առաջադրուած է վարկած մը, ըստ որուն համաստեղութեան կեդրոնը կը գտնուի սեւ խոռոչ, որ կը շեղէ տուեալ աստղերուն ուղեճանապարհները։

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  NODES
Done 1