Ստեպղինը գետնախնձորի կողքին, ստեպղինը ամէնէն տարածուած եւ օգտագործուած բանջարեղէնն է աշխարհի բոլոր խոհանոցներուն մէջ:

Անոր հայրենիքը կեդրոնական Ասիան է, բայց ներկայիս զայն կը մշակեն գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ[1]:

Ստեպղինին սննդական արժէքը

Խմբագրել
  • Ստեպղինը ունի բազմաթիւ բուժիչ յատկութիւններ. ան կը պահպանէ աչքերուն առողջութիւնն ու տեսողութիւնը, Ա. կենսանիւթով հարուստ այս բանջարեղէնը կ'ուշացնէ քաթարաքթի եւ կլոքոմայի յառաջացումը[2]:
  • կը պայքարի որոշ տեսակի քաղցկեղներու դէմ,
  • կը զօրացնէ մարմինին դիմադրողականութիւնը,
  • կը նուազեցնէ գէշ քոլեսթերոլի տոկոսը,
  • կը պաշտպանէ սրտանօթային հիւանդութիւններէ,
  • անոր յաճախակի օգտագործումը կը նուազեցնէ թոքերու, կաթնագեղձի եւ հաստ աղիքի քաղցկեղի յառաջացման հաւանականութիւնը:
  • Ստեպղինը կը պարունակէ հզօր հակաօքսիտան՝ պեթա քարոթենը, որ կը կանխարգիլէ բջիջներու ծերացումը:
  • Ա. կենսանիւթը կը կանխարգիլէ ժամանակէն առաջ յայտնուող կնճիռները, մաշկի չորութիւնը եւ խամրած գոյնը:
  • Ստեպղինը կը պահպանէ եւ կը բարելաւէ տեսողութիւնը եւ կը պաշտպանէ տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւններէն:
  • Ստեպղինի յաճախակի օգտագործումը կը նուազեցնէ գէշ քոլեսթերոլի տոկոսը եւ կը պաշտպանէ սրտանօթային հիւանդութիւններէն:
  • Ստեպղինին պարունակած կենսանիւթերը, հակաօքսիտաններն ու բնաթելերը եւ քիչ ջերմուժ պարունակելու անոր առաւելութիւնները զայն կը դարձնեն յարմար ուտելիք մը` բոլոր անոնց համար, որոնք նիհարնալու սննդականոնի կը հետեւին:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  NODES
Done 1